2014-01-14 11:56:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր այսօրուայ քարոզին մէջ զգուշացուց` ''կեղծաւոր եւ օրինապաշտ կեցուածքներէն որ մարդիկը կը հեռացնեն հաւատքէն''։


Վատիկան,14 յունուար 2014։ Այսօր առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները, մատնանշեց Յիսուսին բերած նորութեան` որ է ''մեզմէ ամէն մէկուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը''։ Նորին Սրբութիւնը, ապա իր քարոզին մէջ, զգուշացուց ''կեղծաւոր եւ օրինապաշտ կեցուածքներէն որ մարդիկը կը հեռացնեն հաւատքէն''։
Նոյնինքն Յիսուս, ակնարկելով փարիսեցիներուն ու դպիրներուն կ՛ըսէր` ''ըրէք այն ինչ որ կ՛ըսեն բայց մի հետեւիք անոնց գործերուն'', ապա խօսքը ուղղելով փարիսեցիներուն ու դպիրներուն ըսած է ''դուք ձեր վարուելակերպով կը փակէք Աստուծոյ արքայութեան դռները ուր ոչ դուք եւ ոչ հաւատացեալները պիտի կարենան մտնել''։
Քանի անգամ – յարեց Նորին Սրբութիւնը - Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛անտեսուի անոնցմէ որ պէտք են վկայութիւն տալ` քրիստոնեայ աշխարհականները, քահանաները, եպիսկոպոսները.... ասոնք շատ անգամ, - աւելցուց Սրբազան Հայրը - Յուդայի նման, կը դաւաճանէն Յիսուսը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց ապա Յիսուսի բերած նորութիւնը` Աստուածային պատգամը, ''Աստուծոյ սէրը մեզմէ ամէն մէկուն նկատմամբ''։ Յիսուս, - շեշտեց Քահանայապետը - Աստուած կը մօտեցնէ մարդոց եւ ինք մօտ է մեղաւորին։ Յիսուս կը ներէ, կը փնտռէ եւ կը բուժէ վիրաւորուած մարդոց սրտերը։ Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը – եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը - փարիսեցիներուն ու դպիրներուն նման կեղծաւոր եւ օրինապաշտ չ՛ըլլալ` այլ Յիսուսի նման, փնտռենք, բուժենք եւ սիրենք մարդիկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.